2011-09-20 10:41:06

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
<<Ապագան ու Աստուած>>


Ռատիվատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, իր շաբթուայ խմբագրականը կը յատկացնէ Պենետիկտոս ԺԶ-ի Գերմանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ու զայն կը վերնագրէ, ՜՜ Ապագան ու Աստուած՝՝ ինչպէս որ է առաքելական ճամբորդութեան բանաբանը ։
Ապագայի մտահոգութիւններու շրջան մը կ՛ապրինք։
Մտահոգութիւն մեր մոլորակի ապագայի մասին, համաշխարհային տնտեսութեան ապագային մասին, նաեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ Եւրոպայի ապագայի մտահոգութիւնները, ու երիտասարդներու ու նաեւ նորածին մանուկներու ապագան։
Սրբազան Քահանայապետը այցելելով իր երկիրը՝ Գերմանիան, որ շատերէն նկատուած է որպէս Եւրոպայի քաշողական ուժ մը, ուր սակայն քրիստոնէական հաւատքը նահանջի ենթարկուած է, ընտրեց որպէս բանաբան <<Հոն Ուր Աստուած ներկայ է այնտեղ է նաեւ Ապագան>>։ Նախադասութիւն մը առնուած 4 տարի առաջ Աւստրիոյ Մարիազէլ սրբավայրին մէջ արտասանած քարոզէն ուր անդրադարձ կատարած էր եւրոպայի մէջ ծննդաբերութիւններու նուազումին որ հետեւանքն են ապագայի հանդէպ տիրող անվստահութեան։ Սրբազան Հայրը հաստատած էր << երկիրը կը մնայ առանց ապագայի այն ժամանակ երբ մարդու սրտի ու լուսաւորուած բանականութեան ուժերը կը դադրին, երբ Աստուծոյ դէմքի լոյսը այլեւս չի շողար Գետնի վրայ։ Հոն Ուր Աստուած ներկայ է, Հոն ապագայ կայ>>։
Իր ընտրութեան առաջին օրէն սկսեալ , սրբազան քահանայապետը բացայայտած էր որ իր քահանայապետութեան կեդրոնականութիւնը Աստուած է։
Ո՞վ է Աստուած. ինչպէ՞ս տեսնել անոր դէմքը. Ո՞ւր կարելի է անոր հանդիպիլ. Ինչպէս Աստուծոյ հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնը կրնայ ուղղել մարդուն կեանքը ու անոր ընկերութեան մէջ ստանձնած պարտականութիւնը որ հիմք ունի արդարութեան ու իրաւունքի փնտռտուքի մէջ։
Աստուած անտարբեր չէ կեանքին։ Կը սպասենք Սրբազան Քահանայապետէն ոչ թէ անկարեւոր այլ հիմնական պատասխաններ։ Շրջելով երկրի մը մէջ ուր Աստուծոյ ժխտումը ցուցաբերեց իր ամէնէն յետին հետեւանքները, միասին խորհրդածենք, ինչպէս յանձնառու ըլլալ - որպէս անձ եւ հաւատացեալ ու որպէս քրիտոնեայ ու կաթողիկէ - կերտելու համար մարդուն արժանավայել ապագայ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.